
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը Լա Հէյի մէջ երրորդն օրն ըլլալով, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով կը հարցաքննէ երեսփոխան Մարուան Համատէն:
Երէկուան իր վկայութիւններուն մէջ Համատէ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի յայտնած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ մտադրած է հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտը նախագահական երկրորդ նստաշրջանի մը համար վերընտրել տալ:
«Ասատ Հարիրիին սպառնացած էր քանդել Լիբանանը, եթէ իրենց որոշումին դէմ կեցուածք մը որդեգրուէր: Ան շեշտած էր, որ Լիբանանի նախագահը Սուրիոյ որոշումով է, որ կ՛ընտրուի եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի», ըսաւ Համատէ:
Ան նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Հարիրիին խորհուրդ տուաւ կանխարգիլելու բախումը` նշելով, որ ինք կրնայ սպառնալիքի ենթակայ դառնալ, որովհետեւ սուրիական իշխանութիւնը նախապէս իր հօր դէմ նման քայլ մը որդեգրած է եւ անիկա իր դիմադրողականութեան մաս կը կազմէ:
«Օրին Հարիրի Ժոմպլաթին յայտնեց, որ Ասատ կրնայ հասնիլ անոր, նոյնիսկ եթէ ան Լեռնալիբանանի տիւրզիներուն մօտ պաշտպանուած ըլլայ: Իսկ Ժոմպլաթ Հարիրիին խորհուրդ տուաւ հրաժարելու եւ մեկնելու երկրէն` վտանգներուն առաջքը առնելու նպատակով: Ժոմպլաթ Հարիրիին յայտնեց նաեւ, որ Դամասկոսի մէջ ան հիւրընկալուած անձնաւորութիւն մը չի նկատուիր: Ժոմպլաթ եւ Հարիրի գրաւ դրած էին այն իրականութեան վրայ, թէ նախ եւ առաջ ո՛վ պիտի սպաննուի», ըսաւ Համատէ:
Ան շեշտեց, որ Հարիրիի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն վատթարացումը սկսած էր 1998-էն, երբ Հարիրի ստիպողաբար իշխանութենէն հեռացուած էր, եւ ոչ թէ 2004-էն: «Հարիրի ամէնօրեայ դրութեամբ խորհրդակցութիւններ կը կատարէր Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի հետ», ըսաւ Համատէ:
Նշենք, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին իր կատարած վկայութիւններուն մէջ Համատէ անդրադարձաւ Ռաֆիք Հարիրիի եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ 2003-ին արձանագրուած հիմնական երկու դէպքերուն:
Անդրադառնալով այդ ժամանակաշրջանին` Հարիրիի եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ յարաբերութիւններուն վատթարացումին մասին Համատէ վկայակոչեց Հարիրիի ունեցած մէկ արտայայտութիւնը:
Ան ըսաւ. «Հարիրի ինձմէ պահանջած էր պատրաստել օրին կազմուած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի նախագիծը, որուն մէջ ես նշած էի, որ կառավարութիւնը պիտի աշխատի գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած, սակայն տակաւին չգործադրուած կարգ մը կէտեր, որոնք օրին ուղղակիօրէն կապուած էին երկրին ապահովական կայունութեան: Այդ կէտերն էին` Լիբանանէն սուրիական ուժերուն հեռացումը, ինչպէս նաեւ միլիսներուն երեւոյթը վերջնականապէս վերացնելու կարեւորութիւնը: Հարիրի ուշադիր կարդաց ծրագիրի նախագիծը եւ Թաէֆի համաձայնագիրի կէտերուն գործադրութեան բաժինին հասնելով դարձաւ իմ կողմս եւ հարցուց. «Սիրելի՛ Մարուան, կը փափաքի՞ս, որ սպաննուինք»»:
Համատէի վկայութեան ընթացքին նշուած երկրորդ դէպքը 2003-ի աւարտին պատահած դէպք մըն է, երբ Հարիրի Ասատի հետ հանդիպում մը ունեցած է` ներկայութեամբ սուրիացի զինուորական պաշտօնատարներ Ռըսթոմ Ղազալէի, Ղազի Քանաանի եւ Մոհամետ Խալլուֆի:
Համատէ յայտնեց, որ Հարիրի այդ հանդիպումէն բարկացած դուրս ելած է եւ ինքզինք վարկաբեկուած զգացած է` հանդիպումին պատճառով: Հարիրի բարկութենէն իր գլուխը ինքնաշարժին ապակիին զարկած է եւ ստիպուած ուղղուած է հանդիպելու Սուրիոյ փոխնախագահ Ապտել Հալիմ Խատտամի հետ: Այդ հանդիպումին ընթացքին Հարիրի իր ռունգին բամպակ մը դրած է` արիւնելուն պատճառով եւ վերադարձած Լիբանան: Հանդիպումին ընթացքին Ասատ Հարիրիէն պահանջած է «Նահար» օրաթերթին հետ իր կապը խզել եւ օրաթերթին մէջ ունեցած իր բաժնետոմսերը վաճառել, որպէսզի օրաթերթը սնանկանայ: Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ քեռայրիս` Ղասսան Թուէյնիի եւ քրոջս զաւկին` Ժըպրան Թուէյնիի հետ եւ զանոնք Քրայթեմի իր բնակարանը հրաւիրեց ու անոնց ըսաւ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ զինք կը դատապարտէ սուրիական վարչակարգին թշնամի նկատուող «Նահար» օրաթերթին զօրակցելու եւ օժանդակելու յանցանքով, հետեւաբար կը պահանջէ իրմէ վաճառել օրաթերթին մէջ իր ունեցած բաժնետոմսերը եւ խզել «Նահար»-ի հետ իր բոլոր կապերը», ըսաւ Համատէ:
Ան աւելցուց, որ վերջին հանգրուանին սուրիական վարչակարգին հետ Հարիրիի եւ Ժոմպլաթի յարաբերութիւնները վատթարացան, որովհետեւ անոնք դէմ էին զօր. Լահուտը նախագահ վերընտրելու առաջարկին:


