
Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա Թրիփոլիի սպանդանոց կատարած իր այցելութեան լոյսին տակ այդ սպանդանոցը փակելու որոշում տուաւ:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ դարձեալ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ակնարկելով Պէյրութի սպանդանոցին կոչ ուղղեց հիմնելու նոր սպանդանոց մը, որ առողջապահական եւ մաքրութեան բոլոր չափանիշները կ՛ամբողջացնէ:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Պէյրութի սպանդանոցին հարցը միայն միսը, մաքրութիւնը եւ մորթելու ձեւը չէ, այլ նաեւ ջուրը` աւելցնելով, որ սպանդանոցը փակելու որոշումը պէտք չէ ըլլայ ժամանակաւոր եւ քարոզչական որոշում մը:
«Մենք գեղեցկագիտական դասաւորումներ չենք ուզեր տեսնել, այլ կը փափաքինք, որ կառուցուի արդիական բոլոր պայմանները ամբողջացնող սպանդանոց մը, որ առողջապահական եւ մաքրութեան բոլոր չափանիշները ամբողջացնէ», ըսաւ ան:
Ապու Ֆաուր նկատել տուաւ, որ անտարբերութեան պէտք է վերջ դնել եւ ճիգ չխնայել լիբանանցի քաղաքացիին առողջապահութիւնը երաշխաւորելու առումով:
Ապու Ֆաուր երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին եւս յայտարարեց առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէն վաճառող հաստատութիւններու եւ ճաշարաններու նոր անուանացանկ մը: Անոնք են` Զղարթայի «Սալամ» մսավաճառը, Սայտայի «Քէյ. Էֆ. Սի.» ճաշարանը, Մընիէի «Նապուլսի» ճաշարանին միսը եւ հաւը, «Ֆարրուժ զահապի»-ն, Պէյրութի «Նաթուր» մսավաճառին մօտ ոչխարի միսը, ինչպէս նաեւ Պաապտա-Պաթշայի «Ապի Նատեր» վաճառատան մօտ մանրուած միսը, երշիկն ու ֆահիթան:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կան երկու սպանդանոցներ, ինչպէս նաեւ Ղազիէի սպանդանոցը, որոնք պէտք է փակուին, որովհետեւ մաքրութեան եւ աշխատանքի չափանիշները չեն ամբողջացներ:
«Իսկ Սայտայի մէջ հաւ մորթելու «Այթուր» կեդրոնը պէտք է անմիջապէս փակուի, եւ այս իմաստով նամակ մը պիտի յղեմ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի», եզրափակեց Ապու Ֆաուր:


