
Զինուորական ատեանը նախանցեալ օր դատավարութեան ենթարկեց Ապրայի դէպքերուն մասնակցած յանցագործները, որոնք դատապարտեցին Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի նախկին իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրը:
Պահանջուած 71 յանցագործներէն 57 բանտարկեալներ ներկայացան դատավարութեան, Զինուորական ատեանի մնայուն դատախազ Խալիլ Իպրահիմի եւ Զինուորական ատեանի ընդհանուր դատախազութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Տանի Զըհըննիի կողմէ:
Այդ յանցագործներուն մէջ կը գտնուէին 14 պաղեստինցիներ, որոնք Այն Հելուէի գաղթակայանէն են, ինչպէս նաեւ չորս սուրիացիներ:
Ներկայ «նշանաւոր» արգելափակեալներէն էր ահաբեկիչ Նայիմ Ապպաս, իսկ նկատառելի բացակայութիւն արձանագրեցին արդարութեան իշխանութիւններէն փախուստ տուած յանցագործներ Ահմետ Ասիր եւ նախկին երգիչ Ֆատըլ Շաքեր:
Դատավարութեան ընթացքին հարցաքննութեան ենթարկուեցան Մոհամետ Ըր, Հասան Ապու Թապլա (պաղեստինցի), Ռամի Ռաուաս, Հասան Զաաթարի, Հատի Քաուաս եւ Խալետ Մահմուտ, որ Սայտայի Թաամիր շրջանի Մուսթաքպալ հոսանքի ներկայացուցիչն է:
Անոնք հաստատեցին, որ իրենց մօտ զէնք եւ զինամթերք կը գտնուէին: Իրենք կը գտնուէին Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին մէջ եւ անոր մօտակայքը կիրակի, 23 յունիս 2013-ին, այսինքն` Ապրայի դէպքին օրը:
Անոնք յայտնեցին, որ իրենք մաս կազմած են Ասիրի նախագահած Դիմադրութեան ազատ փաղանգներ կազմակերպութեան եւ համապատասխան դիմումնագիրներ լեցուցած են:
Դատավարութեան ենթարկուող յանցագործները հերքեցին, թէ իրենք լիբանանեան բանակին նկատմամբ թշնամանք կը տածեն. անոնք կը կարծէին, թէ իրենք կը կռուին Սարայա Մուքաուամայի դէմ:
Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի քարոզիչ շէյխ Ասեմ Արիֆի շեշտեց, որ ինք Տար Ֆաթուայի կողմէ նշանակուած է` քարոզելու համար այդ մզկիթին մէջ:
Ապրայի դէպքերուն մասին հարցումներուն պատասխանելով` շէյխ Արիֆի յայտնեց, որ «Ասիր, անոր զաւակը եւ Ֆատըլ Շաքեր բախումներուն ամբողջ տեւողութեան ընթացքին մնացած են Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին մէջ, մինչեւ որ Ասիր հրահանգած է ուղղուիլ դէպի Ամիտ Ասաատիի բնակարանը, ուր ածիլեցինք մեր մօրուքները եւ փոխեցինք մեր հագուստները ու հրաժարեցանք մեր զէնքերէն»:
Խալետ Համմուտ խոստովանեցաւ, որ ինք իր բջիջային հեռախօսին միջոցով ստացած է կարճ նամակ մը, որուն մէջ ընդգրկուած է «Թամեր» գաղտնաբառը, որ կը նշանակէ, թէ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթը վտանգի տակ է: Ան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք մզկիթ ուղղուած է բանակին դէմ կռուելու համար, այլ` ստուգելու համար իր ընկերներն ու մզկիթը:
Հասան Մոհամետ Զաաթարի յայտնեց, որ Ասիր կը գործակցէր եւ իր շարժումները կը համադրէր Սուրիական ազատ բանակին հետ եւ թէ ան Սուրիոյ մէջ Ֆարուք փաղանգին ղեկավարին հետ տեսակցած է: Ան աւելցուց, որ Ասիրի եւ այդ ղեկավարին միջեւ կապը եղած է Նայիմ Ապպասը:
Դատախազ Իպրահիմի կողմէ դատավարութիւնը 2 դեկտեմբերին յետաձգելու որոշումին հակազդելով` արգելափակեալները իրենց ձայնը բարձրացուցին եւ Զինուորական ատեանը ամբաստանեցին Հըզպալլայի հրահանգներուն ենթարկուելու յանցանքով:
Պոռչըտուքին յաջորդեցին արգելափակեալներուն եւ զինուորական ոստիկանութեան միջեւ բախումներ:


