Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Լիբանան, աւարտելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը:
Վարչապետ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վարչապետ, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան հեռանկարները:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ արտաքին գործոց նախարար Անուար Ղրղաշի հետ:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ այցելեց նաեւ Տուպայի ամերիկեան համալսարան, որուն նախագահն է կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, որ յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Սալամը` այս դժուար հանգրուանին Լիբանանը կառավարելու անոր ջանքերը արժեւորելու առիթով:
Էմիրութիւններ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը աւարտելէ ետք, վարչապետ Սալամ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը հաստատ է` ներքին լիբանանեան միասնականութեան շնորհիւ:
Ան նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն պատասխանատուներուն հետ քննարկած է առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու հեռանկարները` ընդգծելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մնայուն կերպով կը զօրակցին Լիբանանին:


