
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ համախմբումը խստիւ կը դատապարտէ դատական իշխանութիւններուն դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կը ջանայ ջնջել Զինուորական ատեանը եւ Արդարադատութեան խորհուրդը` պատճառաբանելով, որ անոնք արտակարգ դրութեամբ ստեղծուած երկու ատեաններ են:
«Միւս կողմէ, ի՞նչ կը նշանակէ արդարութեան նախարարին կողմէ վճիռի մը մեղմացումը», հարց տուաւ Ժրայսաթի:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին զօր. Աուն համախմբումին ներկայացուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն իր պահանջած նիստը` լուսաբանելու համար Լիբանանի սահմանադրութեան թիւ 24-րդ յօդուածը, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ երեսփոխանական աթոռները հաւասարապէս բաժնելու կը վերաբերի:
Ժրայսաթի համախմբումին անունով դատապարտեց նաեւ Պթատհիի մէջ պատահած ոճիրը` ընդգծելով յանցագործները արդար պատիժի ենթարկելու կարեւորութիւնը:


