
Պէյրութի սպանդանոցին մէջ տիրող նեխած եւ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող պայմաններուն իբրեւ հետեւանք, երէկ ուշ երեկոյեան Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ որոշեց պաշտօնապէս փակել զայն:
Շպիպ յայտնեց սակայն, որ այդ սպանդանոցը վերջնականապէս պիտի չփակուի, այլ` փակ պիտի մնայ մինչեւ անոր վերաշինութիւնը:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք իր կուսակցութեան եւ կառավարութեան քաղաքականութիւնը կը գործադրէ` աւելցնելով, որ ժամանակն է արդէն, որ երկրին մէջ պարկեշտութիւնը ինքզինք պարտադրէ եւ առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող ուտեստեղէնի ինթիֆատա մը արձանագրուի:
Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենք պարզապէս փտածութեան դէմ կը պայքարին եւ չեն միտիր այս կամ այն հաստատութիւնը թիրախ դարձնել:
Այս շրջագիծին մէջ Ապու Ֆաուր յայտարարեց առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէն վաճառող հաստատութիւններու այլ անուանացանկ մը. Զղարթայի «Սալամ- Եուսեֆ Ֆրենժիէ» մսագործը, Թըպնինի «Ղուրուպ» ճաշարանին թաուքը, Սայտայի «Շաուրմա Մահաթթա»-ի հաւու շաուրման, Սայտայի «Փիցա Հաթ»-ի մանրուած պանիրը, Պէյրութի «Նաթուր» ճաշարանը, Քուրայի «Պու Խալիլ» վաճառատան մանրուած միսը եւ Քֆարֆարունի «Մոնտօ» վաճառատունը:
Ապու Ֆաուր աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ կը գործէ ըմպելի ջուրի 800 ընկերութիւն, որոնք աշխատանքի արտօնագիր չունին եւ որոնք առողջապահական չափանիշները չեն ամբողջացներ:
Ան հաստատեց, որ այդ ջուրերուն մասին կատարուած քննութիւններուն արդիւնքները փաստած են, թէ անոնց 90 առ հարիւրը կոյուղիի ջուրեր կը պարունակեն:
Ըստ Ապու Ֆաուրի, առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ըմպելի ջուրի ընկերութիւններն են` «Նիլ»-ը, «Ռապիհ»-ը, «Ազիզ»-ը, «Նապաա Սաֆի»-ն, «Աքուա Փիուր»-ը, «Քասքատ»-ը, «Մարժ»-ը, «Ռիմ»-ը եւ «Քըֆրայա»-ն:


