
Իտալիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Զօր. Կրացիանօ այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին օժանդակութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցան երկկողմանի ամրապնդուած յարաբերութիւնները:
Իր կարգին, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց զօր. Կրացիանոն:
Քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու լիբանանեան-իտալական զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Զօրավարներ Քահուաժի եւ Կրացիանօ քննարկեցին հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:
Զօր. Կրացիանօ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կարեւորութիւնը:


