
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը` ներկայութեամբ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Սէյիտ Նասրալլայի այցելեց նաեւ հոգեւոր հեղինակութիւն շէյխ Պաշիր Նաժաֆին:
Քննարկուեցան իսլամական կրօնին եւ ընդհանրապէս իսլամական աշխարհին վերաբերող հարցեր:


