Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մրիի, որուն հետ քննարկեց իրենց զաւակներուն ազատ արձակման առումով ի գործ դրուող ջանքերը:
Պատուիրակութիւնը դեսպանէն խնդրեց արագացնել իրենց զաւակները եւ հարազատները ազատ արձակելու ճիգերը` հաստատելով, որ իրենց զաւակներուն թղթածրարը քաղաքական չէ, այլ` զուտ մարդասիրական հարց:
Նշենք, որ հաւաստի աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ այցելած է Սուրիա` քննարկելու համար առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու հարցին հետ կապուած բանակցութիւնները եւ արծարծելու այս գծով գործակցելու սուրիական տրամադրութիւնները:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Իպրահիմի այցելութիւնը եղած է դրական:


