
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց իսլամական աշխարհին եւ Տար Ֆաթուայի միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ամրապնդելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ապահովելու համար իսլամներուն շահերը:
Միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա` ղեկավարութեամբ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, կը ներկայացնէ արաբական եւ իսլամական աշխարհին չափաւորականութիւնը, իմաստութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ներկայանայ իբրեւ առաջին պետութիւնը, որ ոտնակոխ դարձուցած է ծայրայեղութիւնը եւ պաշտպանած արժէքներն ու սկզբունքները:
Միւֆթի Տըրիան Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իսլամական աշխարհի լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ապտալլա պըն Ապտել Մուհսեն Թուրքիի հետ:
Հանդիպումին ընթացին հանրապետութեան միւֆթին շեշտեց, որ Լիբանան եւ Սէուտական Արաբիա քոյր երկիրներ են` աւելցնելով, որ լիբանանցիները չեն մոռնար Սէուտական Արաբիոյ բարիքները:
Տըրիան բարձր գնահատեց նաեւ այն իրողութիւնը, որ Սէուտական Արաբիա նախանձախնդիր է լիբանանցիներուն միասնականութեան եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով կը զօրակցի լիբանանցիներուն:


