Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին նախօրեակին, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ վերահաստատեց նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած խորհրդարանը կրնայ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել:
Միւս կողմէ, Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որ ցաւ յայտնեց Լիբանանի համար` նկատի ունենալով անոր նախագահական աթոռին թափուր մնալուն իրականութիւնը:
Միշել Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որ նշեց, թէ լիբանանեան խորհրդարանը պէտք է նիստ գումարէ եւ նախագահական ընտրութիւն կատարէ:


