ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ այսօր ծրագրուած դիտարկում պիտի կատարէ Ասկերանի ուղղութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ դիտարկումը տեղի պիտի ունենայ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ գոյացած պայմանաւորուածութեամբ:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիք դիտարկման պիտի մասնակցի Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան անդամներուն ապահովութիւնը:


