«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, 136-115 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Հակառակ անոր որ Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 44 կէտ, սակայն ատիկա յաղթանակ չապահովեց իր կազմին:
Մնացեալ մրցումներուն Հիուսթըն Ռոքեթց յաղթեց Օքլահոմա Սիթիի (69-65), Նիւ Եորք Նիքս` Տենվըր Նակեթցի (109-93), իսկ Միլուոքի Պաքս` Մայեմի Հիթի (91-84):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Տալաս Մավըրիքս
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Տենվըր Նակեթց
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆէոնիքս Սանզ
Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Օրլինզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շիքակօ Պուլզ


