Երէկ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին քննարկուած է սահմանամերձ համայնքներուն արտօնութիւններ տալու մասին որոշման նախագիծը, որ ներկայացուցած էր կառավարութիւնը: Օրէնքը նպատակ ունի կարգաւորել կառավարութեան կողմէ հաստատուած ցանկին մէջ ներառուած սահմանամերձ համայնքներուն աջակցութեան ցուցաբերման հոլովոյթը: Կը նախատեսուի սահմանամերձ համայնքի բնակչութեան մատեաններուն մէջ արձանագրուած եւ սահմանամերձ համայնքին մէջ մնայուն բնակութիւն ունեցող մարդոց սպառած բնական կազի, ելեկտրուժի եւ ոռոգման ջուրի վարձավճարները մասամբ փոխհատուցել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէէն: Օրէնքը նպատակ ունի բարելաւել սահմանամերձ համայնքներու բնակչութեան կեանքի որակը:


