Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շաբաթավերջին այցելեց Պապ Թըպպանէ, ուր շեշտեց, որ Պապ Թըպպանէի բնակիչները ահաբեկիչներ չեն, հակառակ այն իրականութեան, որ անոնք ամբաստանուած են լիբանանեան բանակին դէմ կռուելու յանցանքով:
Ռիֆի հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է հովանաւորէ զիրենք եւ անոնց ապահովական կայունութիւն եւ բարգաւաճում տրամադրէ:
Ան կոչ ուղղեց ջնջելու Զինուորական ատեանը, որ արտակարգ ատեան մըն է` աւելցնելով, որ իրենք զիրենք յարգող բոլոր պետութիւնները ջնջած են արտակարգ դրութեամբ ստեղծուած ատեանները:
Ռիֆի կոչ ուղղեց նաեւ ջնջելու Արդարութեան խորհուրդը:


