Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ յետմիջօրէին Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` առանց արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը ապահովելու:
Պասիլ յայտնեց, որ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելով:
Անդրադառնալով շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար առանձինն գոյատեւել եւ չազդուիլ իր շրջակայքէն:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ արտերկրի լիբանանցիները պէտք է ստանան նաեւ լիբանանեան քաղաքացիութիւնը:
Նշենք, որ Պասիլ մաս պիտի կազմէ այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ուղղուող վարչապետ Թամմամ Սալամի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան:


