Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ Լիբանան տագնապալի կացութիւն մը կը դիմագրաւէ` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահ չկայ, խորհրդարանը իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած է, իսկ կառավարութիւնը գրեթէ չի գործեր` նկատի ունենալով շրջանային ապակայունութիւնը:
«Հետեւաբար երկրին մէջ չկայ մարզ մը, որ առողջ կերպով կը գործէ, եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է ընդունիլ, որ առանց բանակին եւ Դիմադրութեան ո՛չ ապահովութիւն կայ եւ ո՛չ ալ ապագայ», շեշտեց Ապու Սաապ:


