Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի մաղթեց, որ Իրանի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութեան դիմաց իրաւական բոլոր խոչընդոտները վերցուին:
Ան նշեց, որ այս դժուար եւ զգայուն հանգրուանին Թեհրան նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին:
Ֆաթհալի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուած է Լիբանանի կայունութեան, խաղաղութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ Իրանի նախանձախնդրութիւնը:


