Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ ընդգծած է հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ բոլոր սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ:
«Վարչապետ Սալամ յայտնեց նաեւ, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցով որոշ դրական զարգացումներ շօշափելի են` աւելցնելով, որ զանոնք ազատ արձակելու բանակցութիւնները կը շարունակուին», ըսաւ Ժրէյժ:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է յաւելեալ գումարներ տրամադրելու Ամշիթ-Մայֆուք ճամբան ընդարձակելու միտումով, ինչպէս նաեւ համաձայնած է Չինաստանի տրամադրած առանց տոկոսի վարկին, որ պիտի օգտագործուի երկկողմանի տնտեսական գործակցութեան նպատակներուն համար:
Կառավարութիւնը վաւերացուցած է նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ ներկայացուած երրորդ կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակման նպատակով քննութիւններ կազմակերպելու:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը հաղորդակցութեան մարզին եւ աղբերուն վերաբերող քննարկումները յետաձգած է իր յաջորդ նիստին:


