ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանի խորհրդարանին նախագահական ընտրութիւն կատարելու` նկատի ունենալով, որ աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր նախագահական աթոռը թափուր մնացած է:
Այս շրջագիծին մէջ Ապահովութեան խորհուրդը մտավախութիւն յայտնեց, որ այդ կացութեան պատճառով Լիբանան կրնայ ամբողջական անիշխանութեան մատնուիլ:
Ապահովութեան խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է պաշտպանեն երկրին ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգեն Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքը:


