Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Նշենք, որ երէկ Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց նախկին երեսփոխաններ Ժիհատ Սամատն ու Նատեր Սըքքարը եւ հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուը:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց արդարութեան վերաբերող հարցեր:


