ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման շեշտեց, որ իրենք ըստ օրէնքի պիտի վարուին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին դէմ ներկայացուած բողոքարկումին հետ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ պելճիքական կառավարութիւնը որոշած է 102 անդամ հաշուող իր զօրամասը հեռացնել Լիբանանէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Շեպաայի մէջ ձերբակալեց երկու սուրիացի կասկածելիներ եւ հարցաքննութեան ենթարկեց զանոնք:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հաւանականութեան համեմատութիւնը բարձրացնող կողմերը կը միտին ծածկել խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն վերատեսութեան ենթարկելու Թաէֆի համաձայնագիրը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հիւսիսային եւ հարաւային Պեքաայի մէջ Հըզպալլա կը զինուորագրէ քրիստոնեաներ եւ տիւրզիներ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու, փաստաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, իսկ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը կ՛առաջադրուի, երբ զօր. Աուն յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը եւ այդ հարցը լրջօրէն սերտուի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը 500 լ. ոսկիով նուազած է, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շարժելու ազատութիւն չունի, այլ` կաշկանդուած է Հըզպալլայի որոշումներով:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա պու Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր կը նախընտրեն նախագահական աթոռը թափուր պահել, այդ աթոռին վրայ իրենցմէ բացի այլ անձնաւորութիւն մը տեսնելու փոխարէն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը զինելու առումով պէտք չէ վստահիլ ֆրանսական-սէուտական օժանդակութեան` այդ իմաստով իսրայէլեան վեթոն հաշուի առնելով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներէն ոմանք ուղղակի թշնամանք ունին համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ ուտեստեղէնի որոշ հաստատութիւններուն եւ ճաշարաններուն պարագային արձանագրուած գայթակղութեան համաձայն չէ` նկատի ունենալով, որ այդ անուանացանկին մէջ կան միջազգային չափանիշներու համազօր ճաշարաններ: «Հետեւաբար պէտք է գտնել միջոցն ու ձեւը այս հարցը արագ կերպով լուծելու», ըսաւ ան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Ապտալլա Քասիր յայտնեց, որ հաւատադրժողական ծրագիրը կը միտի շրջանին մէջ իրականացնել այն, ինչ որ Իսրայէլ ձախողեցաւ իրականացնել:
ԱՐՏԱՔԻՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը սկսած է Լիբանանին վտանգ սպառնալ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Մինայի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն համար գաղթակայան մը հիմնելու առաջարկներ շրջանառութեան մէջ դրուած են:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ իրենք մինչեւ վերջին վայրկեանը պիտի զօրակցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու նպատակով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ո՛չ զօր. Միշել Աուն եւ ո՛չ ալ Սամիր Ժահժահ նախագահական ընտրութեան յաջողութիւն պիտի արձանագրեն` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնը կրնայ յանգիլ համախոհութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ երկխօսութիւնը շարունակելը անհրաժեշտութիւն է:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը շատ հաւանական է:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի մէջ սադրանքի աղբիւրն է, եւ զայն ամբաստանեց Թրիփոլիի բնակիչներուն դէմ գրգռութիւններ հրահրելու յանցանքով:


