
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը ի շահ Իրանի եւ բոլոր պետութեանց է, ինչպէս նաեւ ի նպաստ տնտեսութեան, զարգացման եւ գիտութեան:
Ան Իրանի նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը կ՛օգնէ միջազգային համաձայնութեանց ամրապնդման եւ անոնց կառչելուն, եւ ընդունելի չէ, որ միջազգային համաձայնութիւնները յարգող երկիր մը կարգ մը երկիրներու կասկածներուն պատասխան տայ:
Ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս տեղի ունեցած քոնկրեսական ընտրութեանց` Իրանի նախագահը ըսաւ. «Վեցեակի անդամ որեւէ երկրի ներքին հարցերուն հետ կապ չունինք, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն յաղթելուն կամ պարտուելուն հետ: Իւրաքանչիւր երկիր իր հարցերը պէտք է իր երկրին մէջ լուծէ»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ իրենք Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցին մէջ վերջին ժամկէտին` 24 նոյեմբերէն առաջ վերջնական համաձայնութեան մը գոյացումը չեն նախատեսեր:


