
Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ այցելեցին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի, որուն հետ քննարկեցին իրենց զաւակները ազատ արձակելու իմաստով ի գործ դրուող ջանքերը:
Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցով թրքական իշխանութիւնները լուրջ աշխատանք կը տանին` խոստանալով, որ ինք ընտանիքներուն պահանջները տառացիօրէն պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի:
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենք մեծ վստահութիւն ունին լիբանանեան պետութեան, յատկապէս վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի վրայ, սակայն նաեւ ստիպուած կը զգան իրենց հարցով ինքնուրոյնաբար շարժելու:


