
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ կացութեան վերաբերեալ Տը Միսթուրայի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած զեկուցումը:
Տը Միսթուրա Ասատը տեղեակ պահեց Հալէպի մէջ կռիւը սառեցնելու վերաբերեալ իր նախաձեռնութենէն: Ասատ յայտնեց, որ նախաձեռնութիւնը կը նկատէ արժանի քննարկման եւ անոր վրայ աշխատանք տանելու, որպէսզի իրագործէ իր նպատակները, որոնք կը ծառայեն Հալէպի մէջ ապահովութեան վերականգնման:
Ասատ եւ Տը Միսթուրա համաձայնութիւն գոյացուցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2170 եւ 2178 որոշումները գործադրելու կարեւորութեան շուրջ եւ միջազգային բոլոր ջանքերը յատկացնելու Սուրիոյ ու շրջանին մէջ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, որ ամբողջ աշխարհին վտանգ կը սպառնայ:
Հանդիպումի աւարտին Տը Միսթուրա վճռակամութիւն յայտնեց իր առաքելութիւնը բոլոր կողմերուն հետ շարունակելու` լուծելու համար բոլոր դժուարութիւնները եւ Սուրիոյ մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հասնելու համար:
Հանդիպումին ներկայ էին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ, Ասատի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Պուսայնա Շաապան եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ:


