ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ներխուժեց բանակին դէմ գրգռութիւններ հրահրող եւ ՏԱՀԵՇ-ի զօրակցող շէյխ Խալետ Հապլասի Թըպպանէի բնակարանը, սակայն զայն այդ բնակարանին մէջ չգտաւ: Նշենք, որ շէյխ Հապլաս ունի նաեւ երկու այլ բնակարաններ, որոնցմէ մէկը Ապի Սամրայի մէջ է, իսկ միւսը` Պհանինի:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ազատ բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը իրենց թշնամին չէ: Անիկա կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան ազատ արձակելու Սուրիական ազատ բանակի զինուորական խորհուրդի նախագահ Ապտալլա Ռիֆային, որ նախանցեալ օր Արսալի մէջ ձերբակալուած էր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիա մերժած է ընդառաջել առեւանգուած լիբանանցի բանակայինները ազատ արձակելու պահանջին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ նախագահական ընտրութեան նպատակով առաջադրուած նախաձեռնութիւնը դարձեալ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա պայման կը դնէ լիբանանեան բանակի զինումին համաձայնագիրը գործադրութեան դնելու համար խոստացուած երեք միլիառ տոլարի գումարին 5 առ հարիւրը, այսինքն` 150 միլիոն տոլար ստանալ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը պապական աթոռէն խնդրեց օժանդակել Լիբանանի համար նախագահ մը ընտրելու, նախքան 25 դեկտեմբերը, որ կը զուգադիպի կաթողիկէ համայնքի Ս. Ծննդեան տօնին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանան իր բազմազանութեամբ եւ բազմերանգութեամբ կը դիմագրաւէ շրջանին մէջ ինքզինք պարտադրող հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ ոչ ոքի արտօնուած է ժողովուրդին իրաւունքը իւրացնել` աւելցնելով, որ եթէ քաղաքական կեանքը այս ընթացքով շարունակուի, ապա շատ հաւանական է, որ 2017-ին խորհրդարանը դարձեալ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Դիմադրութեան օրինականութիւնը Ազգային ուխտին մաս կը կազմէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած չեն` աւելցնելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու պարագային այլընտրանքը պիտի ըլլար անիշխանութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը շատ աւելի հեզասահ պիտի ընթանայ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումէն ետք:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը արդէն իսկ անկարելի է:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական աղբիւրներ հաստատած են, որ Ահմետ Ասիր հաստատուած է պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի Գահիրէ այցելութեան նպատակն է ներքին ապահովութեան ուժերուն զինուորական սարքեր գնել:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութիւնը մօտիկ ապագային պիտի կատարուի, եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը այդ հոլովոյթը պիտի չխոչընդոտեն:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու համար ի գործ դրուող ջանքերն ու բանակցութիւնները կրնան դրական աւարտ մը չունենալ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման օրէնքը բողոքարկելու ճիգերը պատրաստ են:
ԱՄԱԼ շարժումի գործադիր խորհուրդի պատասխանատու Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Ամալ շարժումը նախագահական ընտրութեան եւ պետական հաստատութիւններու աշխուժացման կը զօրակցի:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ սուրիական վարչակարգին եւ ընդդիմութեան հետ չյարաբերիլ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ լարուածութիւն գոյութիւն ունի:


