
Բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ իրանցի եւ ամերիկացի քաղաքական գործիչները գաղտնի բանակցութիւններ ունեցած են` քննարկելու համար Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան կայացումէն եւ պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը:
Ըստ տեղեկատուութեան, կողմերը քննարկած են Թեհրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական գրասենեակ բանալու հարցը: Ասիկա պիտի ըլլայ 1979-ին Թեհրանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան փակումէն ետք առաջին ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւնը իսլամական հանրապետութեան մէջ:
«Տը Թայմզ»` յղում կատարելով իրանեան կառավարական աղբիւրի մը, կը յայտնէ, որ այդ բանակցութիւնները այս շաբաթ պիտի շարունակուին Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, ուր Իրանի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Իրանի առեւտուրի գործակալութեան ղեկավար Մոհամետ Ռեզա Սապզալիփուրը:
Միացեալ Նահանգներ հերքած են երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններու կայացումը:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ տեղեկութիւն տարածուած էր, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա գաղտնի նամակ գրած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին:


