
Segodnya.ua կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Թուրքիան մտադիր է ոչ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը ուղարկել Խրիմ` թաթարներու վիճակը ուսումնասիրելու համար:
«Օրակարգին վրայ մենք կը քննարկենք ոչ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Խրիմ ուղարկելու հարցը, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կ՛ապրի այնտեղի բնակչութիւնը», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաւել Քլիմքինի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Ըստ անոր, Թուրքիա բազմիցս յայտարարած է, որ չ՛աջակցիր Խրիմի կցումին, սակայն «ատոր պատճառով պէտք չէ ժողովուրդը տանջուի»:
Միեւնոյն ժամանակ Չաւուշօղլու նշած է, որ Խրիմի հարցին մէջ թրքական իշխանութիւնները մտադիր են աշխատիլ պաշտօնական Քիեւի հետ: Ան պատմած է, որ Թուրքիա մշտապէս կը քննէ Խրիմի թաթարներուն օգնելու կարելիութիւնը:


