
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ապրիլ 2015-ին պատմաբաններու ժողով պիտի կազմակերպէ:
Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մուսթաֆա Պալպայ կը նշէ, որ աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող 40 հազար գիրք կայ, իսկ թրքական պնդումները ներկայացնող` 60 գիրք:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ 5 ամսուան ընթացքին կազմակերպելու 3 կարեւոր խորհրդաժողովներ, որոնց, ըստ պնդումներու, պիտի մասնակցին աշխարհի ամէնէն յայտնի պատմաբանները:
«Մենք` իբրեւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն, չենք նշեր, թէ ո՛ր մէկն է մեր տեսակէտը, եւ հայերուն կոչ կ՛ուղղենք. կանչենք պատմաբանները, թող իրենք քննարկեն այս հարցը: եկէք դուք ալ տեսէք ատիկա: Դուք ալ ձեր մեկնաբանութիւնները աւելցուցէք: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ թող գայ», ըսած է ան:
Պալպայ նշած է, որ իրենք պիտի ունենան «Կը պատմեն թոռները» խորագիրով բաժին մը, ուր տեղ պիտի գտնեն Չըրչիլի, Քազիմ Քարապեքիրի, Էնվեր փաշայի թոռներուն ըսածները:


