
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման սկզբունքները պատրաստ են եւ արդէն պէտք է աշխատիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի կայացման համար:
Մամետեարով յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճան ներկայացուցած է այդ հարցին մէջ իր դիրքորոշումը:
«Ֆրանսայի նախագահը նոյնպէս կողմերուն կոչ ուղղած է աշխատելու խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրին վրայ: Մենք համաձայն ենք եւ պատրաստ ենք ատոր», ըսած է ան` հայերուն կոչ ուղղելով նախ զօրքերը հեռացնելու Լեռնային Ղարաբաղէն:


