
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Ա. Յովհաննիսեան նախանցեալ օր հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մենք կը հաստատենք վերջերս լրատու միջոցներուն մէջ տարածուած լուրերը այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմինները լրացուցիչ տեղեկութիւններ ձեռք բերած են Յակոբ Ինջիղուլեանի գերեվարման, անոր նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի ցուցաբերման եւ միջազգային մարդասիրական եւ մարդկային իրաւունքներու չափանիշներու կոպիտ խախտումներուն վերաբերեալ: Աւելի ստոյգ` գոյութիւն ունի համապատասխան տեսագրութիւն, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի սին բնոյթը: Տեսագրութիւնը անմիջականօրէն կապուած է Ինջիղուլեանի նկատմամբ կատարուած բռնութիւններուն, անոնց միջոցով անոր պարտադրելու, որ իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւններ կատարէ, ինչպէս նաեւ կը յստակացնէ, թէ որո՛նք են իբրեւ թէ «իրենց հարազատներու գերեզմաններուն այցելած» ազրպէյճանցի հետախոյզները: Տեսանիւթը զանգուածային տարածման չի տրամադրուիր, անձի վերաբերեալ զգայուն տեղեկատուութեան տրամադրման բարոյապէս անթոյլատրելի ըլլալուն պատճառով, սակայն կրնայ խորհրդապահութիւն պահպանելու համաձայնութեամբ ներկայացուիլ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն»:


