
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետի նոր նշանակուած խորհրդական Էթիեն Մահճուբեանի յայտարարութիւնը` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) վերաբերեալ:
Պահչելի անդրադարձած է քանի մը օր առաջ պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն Մահճուբեանի տուած հարցազրոյցին եւ ըսած. «Վարչապետի` իր գրիչը միշտ մեր ազգին դէմ գործածած գլխաւոր խորհրդականը յայտարարած է, որ ՔԱԿ-ը քիւրտերու հետ հաշտեցման այս ժամանակաշրջանին մէջ շատ բան շահած է: Այդ խորհրդատուն հաճոյքով յայտարարած է, որ ՔԱԿ-ն է շրջանին մէջ հասարակական կարգը պահողը: Ահա Թուրքիոյ իրական պատկերը»:
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Մահճուբեան յայտարարած էր, թէ հաշտեցման հոլովոյթը ՔԱԿ-ին շատ բան տուած է եւ հաւասարակշռած է շրջանի ուժերը: «Քրտական հարցի լուծման ժամանակաշրջանը երկու կողմ ունի: Եթէ կողմերէն մէկը հրաժարի, հոլովոյթը պիտի վերջանայ: ՔԱԿ-ն ալ այս ընթացքին շատ բան շահած է», ըսած էր ան:


