
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընը:
Տեսակցութեան ընթացքին Լիտինկթըն նշած է, որ Բրիտանիա Հայաստանը կը նկատէ իբրեւ կարեւոր գործընկեր, եւ իր այցելութեան նպատակը եւ ուղերձը Հայաստանի հետ համագործակցութեան նոր լիցք հաղորդելն է:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Նալբանդեան բրիտանացի նախարարին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած վեհաժողովի արդիւնքները:
Լիտինկթըն նշած է, որ Բրիտանիա կ՛աջակցի տագնապի լուծման ուղղութեամբ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ ընթացող հոլովոյթին:
«Անկախ հետապնդուող նպատակէն` Երեւանի հասցէին Պաքուէն լսուող անհիմն քննադատութիւնը կրնայ տպաւորիչ ըլլալ միայն Ազրպէյճանի բնակիչներուն համար», մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Անոր խօսքով` հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ իբրեւ բռնատիրութեան վառ օրինակ ճանչցուած պետութեան կողմէ քննադատութիւնը սին բամբասանքէն աւելի չէ: Մօտաւորապէս նման տպաւորութիւն կը գործէր նաեւ Սատտամ Հիւսէյնի քննադատութիւնը:
Լիտինկթըն իր կարգին յայտարարեց, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնած են տարբեր երկիրներու, որոնց շարքին` Ազրպէյճանի իրավիճակով: Ընդհանուր առմամբ, նախարարը ընդգծած է իրավիճակի նրբութիւնը, երբ տնտեսական շահերը կրնան վտանգել բարոյական սկզբունքները:
«Հայաստան միշտ ընդգծած է, որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը տագնապներու պատճառ չի հանդիսանար: Ընդհակառակն` այդ իրաւունքի գործադրման խոչընդոտումը եւ ժխտումը բարենպաստ հող կը ստեղծէ տագնապներուն համար», ըսած է Նալբանդեան` մեկնաբանելով տուեալ իրաւունքին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի մասնագիտական զեկուցումը:
«Մենք միշտ ըսած ենք եւ կ՛ըսենք, որ ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը կրնայ նպաստել ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ամրապնդման», շեշտած է նախարարը` յիշեցնելով, որ գոյութիւն ունեցող միջազգային կացութաձեւը այդ իրաւունքի արտացոլումն է: «Այդ իրաւունքը արհամարհելը, յեղափոխութեան դիմադրելու նման է», ընդգծած է Նալբանդեան: Ըստ անոր, այդ կարեւոր զեկուցումը կ՛արտացոլէ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մօտեցումները: Նալբանդեան նշած է, որ երկիրը չի կրնար մարդկային իրաւունքներուն կողմ արտայայտուիլ եւ ատոր զուգահեռ ինքնորոշման իրաւունքին դէմ ըլլալ: Իբրեւ հետեւողական օրինակ` Նալբանդեան բերած է Սկովտիոյ հանրաքուէն:
Տէյվիտ Լիտինկթըն իր կարգին ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը տակաւին մտահոգութեան աղբիւր է, մասնաւորապէս սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտման հետեւանքով մեծաթիւ զոհերու փաստը»: Ան նշեց, որ Բրիտանիա շատ կարեւոր նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաշտեցմամբ եւ տագնապի քաղաքական լուծման ուղիներու որոնումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ջանքերուն:
Միաժամանակ, Լիտինկթըն ըսած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է կրկնապատկէ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` Եւրոպայի եւ շրջանին մէջ կայունութեան սպառնալիք հանդիսացող այս ձգձգուած տագնապի մարդկային ողբերգութիւնը ընդհատելու համար: «Մենք կը ցանկանք միջնորդներու գործողութիւններուն մէջ յառաջընթաց տեսնել», յայտարարեց բրիտանացի նախարարը:


