
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ իր միջեւ տեղի կրնայ ունենալ հանդիպում` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ:
Մամետեարով դրական գնահատած է Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, որոնք, ըստ անոր, կարեւոր քայլ էին լուծման հոլովոյթին մէջ: Ըստ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, ան յայտնած է, որ Փարիզի մէջ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին ընթացքին մեծ յառաջխաղացք չէ արձանագրուած, սակայն Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այն յայտարարութիւնը, թէ պէտք է սկսիլ աշխատանքը խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրին վրայ, արդէն իսկ յառաջխաղացք է:
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Մամետեարով նշած է. «Այս տագնապը չի կրնար մէկ օրուան մէջ լուծուիլ: Մենք պէտք է շարունակենք քննարկումները այն հարցերուն շուրջ, որոնք տակաւին համաձայնեցուած չեն: Ամենայն հաւանականութեամբ դեկտեմբերի սկիզբը ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ծիրին մէջ Պազըլի մէջ տեղի կ՛ունենայ նաեւ հանդիպում ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հարցով: Մենք պիտի խօսինք եւ քննարկումներ կատարենք: Հաւանական է, որ մօտիկ ապագային նախագահներու հանդիպման անհրաժեշտութիւն յառաջանայ»:


