
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր` ընդգծելով, որ երկկողմ քաղաքական հաղորդակցութիւնները վերջին շրջանին աշխուժացած են: Նախագահ Սարգսեան եւ Տէյվիտ Լիտինկթըն յոյս յայտնած են, որ այդ հաղորդակցութիւնները շարունակական ըլլան, եւ հայ-բրիտանական համագործակցութիւնը զարգանայ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով:
Հանրապետութեան նախագահը եւ Եւրոպայի հարցերով բրիտանացի նախարարը անդրադարձած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն եւ հեռանկարին` այդ ծիրին մէջ քննարկելով վերջերս Կալէսի եւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն արդիւնքները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ պետական նախարար Լիտինկթըն միտքեր փոխանակած են շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ, խօսած են Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալէն ետք Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն մասին:


