Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտնած է 2014 թուականի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն մէջ իր աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն անունները, որոնք անցեալին օժանդակած էին Ամերիկայի հայերու եւ Հայաստանի բարեկամներու համար յատուկ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն մէջ:
«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ուրախ է անգամ մը եւս ներկայացնելու մանրամասն եւ յուսալի փաստեր, որոնք Հայաստանի ընկերներուն կ՛օգնեն ծանօթ ըլլալու, երբ քուէարկեն 4 նոյեմբերին», ըսած է յանձնախումբի նախագահ Արամ Համբարեան:
Յանձնախումբին գնահատականները հիմնականին մէջ հիմնուած են իւրաքանչիւր թեկնածուի ծառայողական ցուցակի մանրամասն ուսումնասիրման վրայ` հայ-ամերիկեան հարցերու առնչութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արդարացի լուծումէն եւ Թուրքիոյ կողմէ հայ եւ այլ քրիստոնեաներու գոյքի վերադարձի ապահովումէն մինչեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդում, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան պաշտպանութիւն, ամերիկեան օգնութեան եւ Հայաստանի հետ առեւտրական շրջանառութեան յաւելում:


