Խօսելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման մասին` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ըսած է, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են քանի մը հանգրուանով, իսկ անոնց ընթացքին քննուած են այնպիսի հարցեր, որոնց կապակցութեամբ ցարդ կարելի չէ եղած յառաջխաղացք ապահովել:
Ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Մամետեարով աւելցուցած է. «Նախագահներու մակարդակով իւրաքանչիւր հանդիպում, ընդհանուր առմամբ, դրական է: Նման հանդիպումներ կը նպաստեն հակառակ կողմի տրամադրուածութիւնը հասկնալուն, տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու նպատակով»:


