
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար ու աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր չորեքշաբթի օր խօսք արտասանած է Ֆրանսայի խորհրդարանի Եւրոպական Միութեան յանձնախումբին առջեւ: Պատասխանելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարցումի մը` Պոզքըր ըսած է, որ Անգարայի իշխանութիւնները չեն ուզեր, որ քաղաքական գործիչները «1915-ի դէպքերուն» վերաբերեալ որոշումներ տան: Պոզքըր ներկաներուն ուշադրութեան յանձնած է «պատմաբաններու յանձնախումբ» ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկը` պատրաստակամութիւն յայտնելով ընդունելու այդ յանձնախումբին որեւէ եզրակացութիւնը:
«Հապերլեր» կայքը գրած է, որ Պոզքըր պնդած է, որ Թուրքիա իր պատմութեան մէջ ամօթալի էջ մը չունի:
Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան Վալերի Պուայէ ներկայացուցած է ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները ուրացողները պատժելու մասին նոր օրինագիծ մը, որ մինչեւ հիմա ապահոված է աւելի քան 40 երեսփոխաններու ստորագրութիւնը:


