
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Լահհամ պատրիարքը շնորհաւորեց միւֆթի Տըրիանը եւ հաստատեց անոր հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը` բարձր գնահատելով իսլամական-քրիստոնէական հոգեւորական վեհաժողովին ընթացքին հանրապետութեան միւֆթիին արտայայտած գաղափարները:
Լահհամ պատրիարքը յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին յանձնած է հրաւէրը 7 եւ 8 նոյեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, որ կը կրէ «Այս դարուս Միջին Արեւելքի մէջ ընտանիքն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները» խորագիրը:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկեց տեղական, շրջանային եւ եւրոպական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ շեշտեց, որ միւֆթիին հետ փոխանակած իր միտքերը գրեթէ միացեալ ենթահողի վրայ հիմնուած են:
Էխհորեսթ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանին օժանդակելու եւ կառավարութեան հետ կը գործակցին Լիբանանի յատկացուած նուիրատուութիւններն ու նպաստները կարիքաւոր լիբանանցիներուն հասցնելու իմաստով:


