Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ 20 միլիոն տոլար նուիրեց Թրիփոլիի տուժած շրջաններուն, յատկապէս Պապ Թըպպանէի, Պհանինի եւ Մընիէի:
Հարիրի հաստատեց, որ ինք երախտապարտ է Թրիփոլիի բնակչութեան, որ ապահովական ծանր պայմաններ դիմագրաւած է եւ մերժած վերածուիլ լիբանանեան բանակին դէմ պայքարող ծայրայեղական գործիքի:
Հարիրի դիտել տուաւ, որ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի բնակչութեան ազգային կեցուածքին շնորհիւ է, որ կարելի եղած է Թրիփոլիի մէջ հրահրուող գրգռութիւններուն վերջ մը դնել:


