
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է փութայ հատուցելու Թրիփոլիի բախումներէն տուժողներուն:
Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած է հսկայական քանդում եւ աւեր, հետեւաբար պետութիւնը իր ջանքերը պէտք է ի գործ դնէ վերաշինելու այդ շրջանը:
Ան կոչ ուղղեց մշակելու շինարարական նոր եւ ամբողջական ծրագիր մը` շեշտելով, որ Թրիփոլիին պէտք է վերադարձնել լիբանանեան պետութեան պատկանելիութեան զգացումը:
Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները փաստած են շրջանին իրենց պատկանելիութիւնը եւ իրենց կեցուածքով ապացուցած, որ իրենք կ՛ենթարկուին լիբանանեան պետութեան հրահանգներուն եւ կ՛որդեգրեն զանոնք:
«Թրիփոլիի բնակիչները փաստեցին նաեւ, որ իրենք կը զօրակցին բանակին եւ նեցուկ կը կանգնին անոր», ըսաւ ան եւ պահանջեց, որ Թրիփոլիէն ձերբակալուած 400 երիտասարդներ դատավարութեան ենթարկուին եւ դատական իշխանութիւնները արդարութիւն բանեցնեն:


