Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ արաբ ժողովուրդին միութիւնն ու միասնականութիւնը ճամբան կը բանան արեւմտեան եւ սիոնական բռնագրաւումին դէմ անոր արձանագրելիք յաղթանակին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ հաւատադրժողական շարժումները իսլամական յարանուանութիւններուն հետ ոչ մէկ կապ կրնան ունենալ, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ յարանուանութեան կը պատկանին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց այսօր կէսօրէ առաջ Նաքուրա կատարելիք իր այցելութեան հետեւանքները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՍԱՅՏԱՅԻ Հլալիէ շրջանին մէջ երէկ երեկոյեան ապահովական նախազգուշութիւններ որդեգրուեցան` «Մերսետես» տիպի ականուած ինքնաշարժի մը նկատմամբ կասկածներու իբրեւ հետեւանք: Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ստուգեց ինքնաշարժը, որուն մասին կասկածները անճիշդ դուրս եկան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի Լիբանան մուտք գործելու հաւանականութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ ձախողութեան մատնուած է:

«ՍԵՆ ԺՈԶԵՖ» համալսարանի խորհուրդը որոշեց առկախել ուսանողական խորհուրդի ընտրութիւնները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը անպայման պիտի կատարուի, «իսկ Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռը վեց տարիէ ի վեր թափուր է», ըսաւ ան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ քաղաքական զօրակցութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի այդ կեցուածքը իր արդիւնքները ունենայ Լիբանանին եւ անոր տնտեսութեան վրայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ գործող ապահովական բջիջը մերժած է ընդառաջել Թրիփոլիի զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ Այն Հելուէի մէջ զինեալ բախումներու ծայր տալու պահանջին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ պէտք է լիբանանեան բանակին նեցուկ կանգնիլ եւ անոր քաղաքական իսկական նեցուկ պարգեւել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակ գոյութիւն չունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին իրենց կեցուածքը մետասաներորդ պահուն կրնայ արտայայտուիլ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ իրենք կ՛ուղղուին խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի մղած կռիւը զինեալներուն համար եղած է պատճառաբանութիւն մը` մուտք գործելու Լիբանան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած քաղաքական զօրակցութիւնը ձախողեցուցած է Թրիփոլիի մէջ պատրաստուող ծրագիրը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ պատահածը Լիբանանի համար քաղաքական նոր հանգրուան մը ստեղծած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր անձնական շահերը կը գերադասէ ազգային շահերէն:

 

 

 

Նախորդը

Պարզանի. «Իրաքի Քրտական Մարզը Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Ուժեր Ուղարկելու Արաբ Բունար»

Յաջորդը

«Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Փութայ Հատուցելու Թրիփոլիի Բախումներէն Տուժողներուն» Շեշտեց Միքաթի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.