
Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտարարեց, որ «մարզը կը պատրաստուի փեշմերկաներէ կազմուած յաւելեալ ուժեր ուղարկելու Արաբ Բունար»` ընդգծելով, որ քաղաքի ահաբեկիչներուն ձեռքը իյնալը կանխարգիլելու համար յարձակումի ենթարկուող Արաբ Բունարի մէջ «քոյրերուն եւ եղբայրներուն» օժանդակութիւն ուղարկելը «ազգային պարտաւորութիւն է»:
Պարզանի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ յաւելեալ ուժեր որեւէ պահու «Արաբ Բունարը պաշտպանելու եւ Արեւմտեան Քիւրտիստանի մէջ ահաբեկիչները պարտութեան մատնելու համար» այդտեղ կրնան ուղարկուիլ, եթէ զինուորական պայմանները ատիկա պահանջեն, եւ «մեզմէ այդ մէկը խնդրուի ու ճամբան բացուի»:
Ան նշեց. «Փեշմերկաներէ կազմուած ուժերու Արաբ Բունար երթալը կարելի պիտի չըլլար առանց թրքական իշխանութեանց համամտութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգումին»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Էմիր Ապտելլահեան զգուշացուց Արաբ Բունարի մէջ արտաքին կողմերու կատարած շարժումներէն եւ Սուրիան մասնատելու հետեւանքներէն: «Արաբ Բունարի բնակչութեան օգնելը Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան պատրուակ մը պէտք չէ ըլլայ», ըսաւ ան:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Թուրքիա անգամ մը եւս կը հաստատէ իր դաւադրական դերակատարութիւնը, ծածուկ նպատակներն ու սուրիական ներքին հարցերուն բացայայտ միջամտութիւնը, երբ սուրիական սահմանը կը խախտէ` արտօնելով, որ արտաքին ուժեր եւ իր հողերուն վրայ բնակող ահաբեկչական տարրեր մուտք գործեն սուրիական հողեր, «ինչ որ սուրիական գերիշխանութեան, ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն եւ միջազգային օրէնքի կանոններուն բացայայտ խախտում մըն է»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի նման ահաբեկչական կազմակերպութեանց հետ Թուրքիոյ կապերը այլեւս ծանօթ են բոլորին: Հաղորդագրութիւնը եզրափակեց նշելով. «Սուրիա կը դատապարտէ եւ կը մերժէ թրքական կառավարութեան եւ անոր հետ մեղսակից եղող կողմերուն այս վարմունքը»:
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ Թուրքիայէն Սուրիա փեշմերկաներուն անցնելուն ընթացքին լրագրողներու ուշադրութենէն չէ վրիպած անոնցմէ ոմանց` ամերիկեան բանակի տարազ կրելու հանգամանքը: Լուսանկարներուն մէջ յստակ կերպով կ՛երեւի համազգեստի վրայի ամերիկեան դրօշն ու «Միացեալ Նահանգներու բանակ» գրութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց. «Ասատը բանակցութեան սեղան վերադարձնելու կարող սուրիական ուժ մը պիտի ստեղծենք»:


