Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիա Պէտք Է Յարգէ Վրաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը» Կ՛ըսէ Տոնկ

October 31, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1030_USGruzia online կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Քըրթ Թոնկ «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պէտք է յարգէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Ան նաեւ խօսած է Վրաստան-Միացեալ Նահանգներ գիծին վրայ կատարուող աշխատանքային հանդիպման մասին: Ըստ անոր, ան արդէն հանդիպումներ ունեցած է Վրաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ: Զրոյցներու հիմնական նիւթերը եղած են ներդրումները եւ ազատ առեւտուրի կարելիութիւնները:

«Մենք կը կատարենք աշխատանքային խումբերու հանդիպում: Մտադիր ենք խօսիլ շրջանային զարգացման եւ առեւտրական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Վրաստանի տնտեսական մարտահրաւէրներու եւ Վրաստանի ու Միացեալ Նահանգներու սեփական մարզերուն միջեւ համագործակցութեան մասին», ըսած է ան:

Թոնկ յայտնած է, որ նախագահին եւ վարչապետին հետ հանդիպումին ընթացքին ծանօթացած է Վրաստանի տնտեսական զարգացման եւ շրջանային յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հետաքրքրական նկատառումներուն: «Շատ կարեւոր է, որ Ռուսիա յարգէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Միացեալ Նահանգներ արդէն շատոնց այդ դիրքորոշումը ունի», յայտարարած է Քըրթ Թոնկ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 98-րդ Լսարան. Դոկտ. Արա Սանճեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Եւ Սոնիա Սիսլեան Զեկուցեցին Հայագիտական Եւ Գրադարանագիտական Գիտաժողովներուն Մասին

Յաջորդը

Պարզանի. «Իրաքի Քրտական Մարզը Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Ուժեր Ուղարկելու Արաբ Բունար»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.