
Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը հաւատա՞յ արդեօք, որ եռեակը կրնայ իշխանափոխութիւն պարտադրել, ըսաւ. «Ես կը խորհիմ, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն ոչ ոք ոչ ոքի կրնայ պարտադրել, արտակարգ ընտրութիւն ոչ ոք կրնայ պարտադրել»: Լրագրողներուն այն դիտարկման, թէ ժողովուրդը կը բողոքէ, Յարութիւնեան արձագանգեց. «Իսկ ժողովուրդ ըսելով քանի՞ հոգի նկատի ունիք, թիւ ըսէք խնդրեմ»: Լսելով լրագրողներուն դիտարկումը, թէ Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հաւաքուի 16-17 հազար մարդ, ան խորհուրդ տուաւ բանալ ընտրութեան արդիւնքները եւ նայիլ, թէ որքա՛ն քուէ ստացած է իշխող կուսակցութիւնը: «Երբ բոլոր մարդիկ հաւաքուին Ազատութեան հրապարակ եւ պահանջեն իշխանափոխութիւն, եւ յետոյ զիս համոզէք, որ անոնց թիւը աւելի մեծ է, քան այն քուէներուն թիւը, որ ստացած էր իշխող կուսակցութիւնը, այն ժամանակ կը խօսինք», ըսաւ Դաւիթ Յարութիւնեան:


