ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարած է, որ Ռուսիա աշխուժօրէն պիտի շարունակէ զարգացնել արտերկրի մէջ գտնուող իր ռազմակայանները:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Շոյկու Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կից հասարակական պալատի անդամներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է. «Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել արտերկրի մեր ռազմակայանները Հայաստանի, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ: Ընդհանուր առմամբ` բաւական աշխուժ կերպով կը զարգացնենք»:
Շոյկու յիշեցուցած է, որ վերջերս ռուսական ուժեր սկսած են մարտական հերթապահութիւն կատարել Պիելոռուսիոյ մէջ: «Մենք այնտեղ սկսած ենք իրականացնել ե՛ւ մարտական հերթապահութիւն, ե՛ւ այն ամէնը, ինչ որ կապուած է ուսման հետ», ըսած է Շոյկու:


