
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ յայտարարուած այն անուանացանկը, որ կը վերաբերի լիբանանցի բանակայինները առեւանգող կողմերուն պահանջին եւ որ պիտի ծառայէ առեւանգուած բանակայինները փոխանակելու գործողութեան, անճիշդ է:
Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ այդ իմաստով առեւանգող կողմերուն հետ բանակցող քաթարցի պատուիրակը տակաւին պաշտօնապէս ոչ մէկ պահանջ ստացած է առեւանգողներէն:
Ապպաս Իպրահիմ խնդրեց այդ թղթածրարը տեղեկատուական սպրդումներէն հեռու պահել եւ յարգել անոր գաղտնի ընթացքը, որպէսզի այդ ջանքերը եւ աշխատանքները չխոչընդոտուին:


