Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահերի մեղսակցութիւնը ահաբեկիչ Ահմետ Սելիմ Միքաթիի հետ զինք չէ զարմացուցած` ընդգծելով, որ Տահեր երեք տարիէ ի վեր բանակին դէմ գրգռութիւններ կը հրահրէ:
Սէյիտ յայտնեց, որ Տահերի անձեռնմխելիութիւնը չեղեալ նկատելու առումով պահանջները լուրջ հետաքննութեան կը կարօտին` աւելցնելով, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ հարցերը կարելի է լուծել երեսփոխաններ Խալետ Տահերը, Մոհամետ Քապպարան եւ Մույին Մերեհպին, ինչպէս նաեւ նախարար Աշրաֆ Ռիֆին բանտարկելով:


