Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 25, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Սիտնի: Աւստրալիայէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին հարցը չէ քննարկած` ընդգծելով, որ նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ համախոհութիւն գոյանայ, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն հաստատուի` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ հանրապետութեան համախոհական նախագահ մը ընտրելու միտքը մերժելի է` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուզեն նախագահ մը, որ կը ներկայացնէ քրիստոնեայ համայնքը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց շրջանցելու համայնքային բանավէճերն ու տարակարծութիւնները եւ անցնելու Լիբանանի պաշտպանութեան:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ աշխատանքի ճակատը

շեշտեց, որ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ այն, որ լիբանանեան բանակը ըլլայ ամուր եւ պատրաստ` դիմակայելու երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձուցած ահաբեկիչներուն հետ երեսփոխանի մը գործակցութիւնը շատ վտանգաւոր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին քննարկումը պէտք է ներքին լիբանանեան բնոյթով պահել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները արգելակող խոչընդոտը միջնորդն է` աւելցնելով, որ այդ առումով պէտք է նոր միջնորդ մը գտնել:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով դրական նշոյլներ սկսած են նշմարուիլ:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական շարժումներուն գոյութեան կարելի չէ լուծում մը գտնել, բացի անոնց դէմ իսլամական յեղափոխութիւն մը բռնկեցնելով:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ իրենք կ՛ուղղուին մերժելու իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Ռուսիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու վատ յարաբերութիւնը իր վատ ազդեցութիւնը ունեցած է Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ապահովական ուժերուն պարտականութիւնն է հսկել լիբանանցիներուն անվտանգութեան եւ փակել երկրին սահմանները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ ինք քրիստոնեայ համայնքին գոյութեամբ մտահոգ է քրիստոնեաներէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կախեալ չէ համախմբումի դաշնակիցներէն եւ ոչ ալ հակառակորդ քաղաքական ուժերէն, այլ` անիկա սկզբունքային կեցուածք է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանան իսկական շահեր չունի իրեն տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութենէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի մէջ տիրող կացութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բուռն ճակատումը մօտիկ ապագային պիտի սկսի:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` աւելցնելով, որ նախագահի ընտրութիւնը առաջնահերթ է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ, բացի եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնէ, թէ ինք այլեւս թեկնածու չէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ ըսաւ, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու պարագան անիշխանութիւն չի նշանակեր, այլ` երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացում:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանը իր պաշտօնավարութիւնը երկու տարի եւ եօթը ամիսով պիտի երկարաձգէ` իբրեւ անհրաժեշտութիւն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ կոչ ուղղեց Հըզպալլային` երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքին միջամուխ չըլլալու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը կատարուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հրաւէրով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը պիտի դիմադրէ երկրին սահմանադրութիւնը խախտող եւ համագործակցութիւնը հարուածող որեւէ որոշումի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը պիտի չմերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, եթէ նախքան 20 նոյեմբեր 2014 կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք լաւ կը հասկնան առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն ցաւը` աւելցնելով, որ ճամբաներու փակումը առեւանգուածներուն վիճակին վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն կը գործէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ ներկայ կացութեան լուծման միակ միջոցը խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ երեսփոխաններու կողմէ գործուած բացայայտ արարքները կ՛արգիլեն զանոնք անձեռնմխելիութիւն ունենալէ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց խորհրդարանին, որ իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումէն ետք անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կազմակերպէ:

 

Նախորդը

Ամերիկեան «Պոյինկ» Ընկերութիւնը Օդանաւերու Նորոգութեան Առնչուած Սարքեր Ծախած Է Իրանին

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Բանակայինները Առեւանգող Կողմերը Տակաւին Իրենց Պահանջները Չեն Ներկայացուցած»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.