Հարաւային Լիբանանի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ուրբաթ կէս գիշերին բացայայտեց մեծ քանակութեամբ զէնքեր եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ նիւթեր, որոնք զետեղուած էին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի բնակարանին մօտ, Քասուսարիաթ Սիյատի մէջ:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու սակրաւորներ փութացին զէնքերուն ու պայթուցիկ նիւթերուն գտնուած վայրը եւ զանոնք փոխադրեցին դէպի հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող բանակին զօրանոցները:
Ըստ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, այդ զէնքերուն եւ պայթուցիկ նիւթերուն մէջ կային նաեւ ձեռնառումբեր, նռնականետեր, «Թի. Էն. Թի.», փամփուշտներ, պայթուցիչներ եւ այլ զինուորական սարքեր:
ՆՇԵՆՔ, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ապպաս Իպրահիմ այսօր պիտի մեկնի Տոհա` նկատի ունենալով, որ առեւանգուած բանակայիններուն եւ առեւանգուած լրագրող Սամիր Քասսապի թղթածրարին առումով զարգացումներ արձանագրուած են:


